[go: up one dir, main page]

Jump to content

Փաստորմա

300

Փաստրոմա (իդիշ՝ פּאַסטראָמע), ուտեստ պատրաստուած տաւարի միսէ։ Այն շատ կ՛օգտագործուի հրէական, մոլտովական եւ ռումինական խոհանոցներուն մէջ: Հնարաւոր է, որ առաջացած է Թուրքիոյ մէջ։ «Փաստրոմա» անուանումը ստուգաբանօրէն կապուած է թրքերէն «պաստուրմա» բառին հետ։ Փաստրոման նոր աշխարհ հասած է 20-րդ դարուն հրէական ներգաղթի ժամանակ եւ համարուած Պեսարապիայէն եւ Ռումինիայէն գաղթած հրեաներու ուտեստ։ Այժմ այն կը համարուի հիմնական աւանդական ուտեստ Նիւ Եորքի եւրոպական ճաշարաններու խոհանոցներուն մէջ։ Այնտեղ ան սովորաբար կը պատրաստեն տաւարի միսէ, իսկ Ռումանիոյ մէջ խոզի միսէ։ Միսը կը մարինացուի աղով եւ յատուկ համեմունքներով՝ յատկապէս կ՛օգտագործուի աղացած կարմիր պղպեղ եւ այնուհետեւ կ՛ապխտուի յատուկ եղանակով։ Այն կը մատուցուի բարակ շերտերու տեսքով։ Փաստրոման միսը պահպանելու ձեւ մըն է։ Ըստ վարկածի մը «փաստրոմա» բառը առաջացած է ռումինական բայէն, որ կը նշանակէ փրկել։ Կայ նաեւ այլ վարկած, ըստ որու «փաստրոմա» բառը թրքական «պաստուրմա» կամ «պաստիրմա» բառէն առաջացած է, որ կը նշանակէ տաւարի միս, որ համեմուած է կարմիր պղպեղով եւ չորցուած արեւու տակ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Վիքիդարան