Կենաց Ծառը
Կենաց ծառը, առասպելական բոյս մը, որ դրախտին մէջ (երկինքի) աստուածներուն ու արդարներուն անմահութիւն կը պարգեւէ:
Հայ իրականութեան մէջ՝ բնութեան պաշտամունք, բարօրութիւն եւ առատութիւն կը խորհրդանշէ:
Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենաց ծառը հին ժամանակներու պատկերացում է, որ առաւելաբար մշակուած է նստակեացութեան, անասնապահութեան եւ յատկապէս ոռոգուող երկրագործութեան զարգացման շնորհիւ: Կենաց ծառի գաղափարին մէջ ընդգրկուած են մարդկային կենսափորձի իմաստութիւնները եւ բնութեան օրինաչափութիւններու նկատմամբ հին պատկերացումները:
Կենաց ծառը կը համարուի հնագոյն մարդու կրօնածիսական պատկերացումներու առանցքային բաղադրիչներէն մէկը:
Կենաց ծառի պաշտամունքը ընդունուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ իւրաքանչիւր մշակոյթ կը կրէ իր միջավայրին տեղական իւրայատկութիւնները: Առանձին վայրերու մէջ սրբացուած են նաեւ ծառերու տարբեր տեսակներ[1]:
Անհրաժեշտ է կատարելապէս ուսումնասիրել այն հասկացողութիւնները, որոնք հիմնուած են բոյսերու ու ծառերու պաշտամունքին վրայ։
- Նախնադարեան մարդուն համար, իր շրջապատին մէջ, ամէն ինչ կը թուէր շնչաւոր, կենդանի. բացառութիւն չէին նաեւ ծառերն ու բոյսերը: Ան կը հաւատար, որ ինչ որ զինք կը շրջապատէր, իրեն նման կը շնչէր, կը խօսէր, կը լսէր եւ այլն: Մարդիկ ո՛չ միայն կը հաւատային, որ ծառերու ու բոյսերու մէջ հոգիներ կը բնակին, այլեւ՝ կը հաւատային անոնց շուքերուն:
- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միսուրի նահանգի հովիտին տեղաբնիկները կը հաւատային, որ հոն գտնուող հսկայական բրգաձեւ բարտիին շուքը ունի բանականութիւն. այդ շրջանի հնդիկները կը հաւատային, որ պատշաճ վարուելու պարագային, ծառին շուքը կրնայ օգնել իրենց գործերուն եւ զանազան նախաձեռնութիւններուն: Անոնք կը հաւատային, թէ իրենց պատահած դժբախտութիւնները պատճառ են բրգանման բարտիներու շուքերուն համապատասխան ուշադրութիւն չդարձնելուն[2]: Հոն կտրականապէս արգիլուած էր այդ ծառերը կտրել, իսկ եթէ մեծ գերաններու կարիք ունենային, ապա կ'օգտուէին միայն բնականօրէն տապալած ծառերէն:
- Վանիքա ցեղին բնակիչները կը հաւատային, որ որոշ ծառեր, յատկապէս՝ հնդկընկոյզի արմաւենին, հոգի ունի, եւ անոր կու տային բնութեան մէջ մայրական բնութագրելի յատկանիշներ: Այդ արմաւենին կտրելը մեծ յանցանք կը համարուէր եւ կը նոյնացուէր մայրասպանութեան հետ:
- Կենդրոնական Ափրիկէի ժողովուրդները երկիւղով կը վարուէին բավոլի ծառատեսակին հետ, որուն հսկայական բուները ապշեցուցիչ չափերու կը հասնին: Անոնք կը հաւատային, որ այս ծառերուն մէջ կ'ապրին սրբազան հոգիներ (Աստուծոյ կացարաններ), եւ անոնք, որոնք կը փորձէին վնասել այդ ծառերը, կ'արժանանային աստուածներու նզովքին:
- Հին հայերը կը հաւատային, թէ սօսիի ծառերուն մէջ կ'ապրէին իրենց նախնիներուն հոգիները եւ ճակատագրական պահերու, գուշակութիւններ կ'ընէին սօսիներու տերեւներուն խշրտուքէն:
Մարդոց ծառերուն կապուածութիւնը, կը յանգի այն եզրակացութեան, որ մարդը ծառը յաճախ կը տեղաւորէր իր աշխարհընկալման տեսանկիւնին մէջ:
Առասպելաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենաց ծառը, դիցաբանութեան մէջ, աշխարհի կեդրոնը կը խորհրդանշէ: Անիկա վերին եւ ստորին աշխարհներու հակադրութիւնն է՝ առասպելական հակադրութիւններուն ամէնէն տիրականը: Այդ երկու աշխարհներուն միջեւ կապը ի յայտ կու գայ տարբեր խորհրդանշաններով՝ երկինք հասնող նետեր, նիզակներ, թունաւոր անասուններ, աստիճաններ, իսկ ամէնէն տարածուածը եւ համաշխարհայինը, որուն կը հանդիպինք հնագոյն գրեթէ բոլոր առասպելներուն մէջ՝ Կենաց ծառն է: Անիկա կը յիշուի նաեւ «Պտղաբերութեան ծառ», «Իմաստութեան ծառ», իսկ աւելի ուշ արդէն «Մահուան ծառ», «Չարի ծառ» եւ «Ստորերկրեայ թագաւորութեան ծառ» անուններով: Ուղիղ կամ ձեւափոխուած տարբերակներով Կենաց ծառը ի յայտ կու գայ նաեւ տարբեր աւանդութիւններու մէջ՝ պրոնզի դարէն սկսեալ (Եւրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելք) մինչեւ մեր օրերը: Կենաց ծառին օգնութեամբ մարդու աշխարհընկալման եւ առասպելաբանութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն տիեզերքի հիմնական գօտիները՝ վերին (երկնային), միջին (երկրային) եւ ստորին (անդրիշիմեան) թագաւորութեան ըմբռնումները, ժամանակային պատկերացումները՝ անցեալը, ներկան եւ ապագան, ինչպէս նաեւ մարմինի երեք մասերը՝ գլուխ, իրան եւ ոտքեր: Կենաց ծառին ուղղահայեաց բաժանման պարագային առանձին տեղ ունին ստորին (արմատները), միջին (բուն) եւ վերին (սաղարթ) հատուածները:
Կենաց ծառին եռամասնութիւնը կ'երեւի բոլոր երեւոյթներու՝ առաւել եւս անասնական աշխարհի նկարագրութիւններուն մէջ. առասպելաբանական վերնամասի ճիւղերուն կը համապատասխանեն թռչունները, միջնամասին (բունին)՝ սմբակաւորները, ստորին մասին (արմատներուն)՝ սողունները եւ ձուկերը, երբեմն նաեւ արջը: Ոչ յաճախ ծիսական գրութիւններու մէջ կը յիշատակուի անբնական ձեւով աճած ծառը, որ կը կապուի անդրաշխարհին հետ. անիկա կը խորհրդանշէ, թէ բոլոր յարաբերութիւնները «ծուռ են» վերին եւ միջին աշխարհներուն հետ համեմատելով (ողջը կը դառնայ մահացած, տեսանելին՝ անտեսանելի եւ այլն):
Մշակութային տարբեր պատկերացումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենաց ծառի պատկերացումները կը տարբերին զանազան մշակոյթներու մէջ: Կենաց ծառը երբեմն կը ներկայացուի իբրեւ իսկական կեանքի պահապան եւ ճակատագիրի տիրակալ:
Ըստ եաքութներու հաւատալիքներուն, «երկիրին ոսկեայ պորտին» մէջ կ'աճի ութ ճիւղերով ծառ մը, որ որոշակիօրէն նախնական դրախտն է, ուր ծնած է առաջին մարդը եւ կերակրուած՝ կնոջ կաթով:
Նմանատիպ նիւթի կը հանդիպինք Հին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ Հին Հնդկաստանի մէջ, ուր Եըման՝ առաջին մարդը, ընտիր ծառին տակ կ'արբենայ աստուածներու հետ, իսկ Իրանի մէջ՝ Եըման, Կենաց ծառին վրայ անմահութիւն կը խոստանայ մարդոց եւ անասուններուն: Կոլտինները, տոլկանները եւ տունգուսները կը պատմեն, որ երեխաներու հոգիները՝ մինչեւ իրենց ծնունդը, կը հանգստանան տիեզերական ծառի ճիւղերուն հետ, ուր զանոնք կը հետապնդեն շամանները (կախարդները):
Կենաց ծառը յատուկ նշանակութիւն ունի շամաններուն համար. անոնք անոր փայտէն կը պատրաստեն իրենց դահիրանը (երաժշտական գործիք): Բարձրանալով ծիսական ցարասիին վրայ՝ անոնք իրենք զիրենք կը համարեն Կենաց ծառին գագաթը: Տիեզերական Կենաց ծառը կ'երկարի երկիրին մէջտեղէն (անոր «պորտի»ն վրայէն), իսկ անոր ճիւղերը կը դպչին Բաց Ուլկենի պալատին: Ալպանական թաթարներու առասպելին համաձայն, երկաթէ լերան գագաթին կ'աճի եօթը ճիւղերով ճերմակ ցարասի մը:
Մոնկոլները իրենց ծառը կը պատկերացնեն քառակողմ բուրգի տեսքով. կեդրոնը՝ ծառն է, ինչպէս նաեւ կենաց սիւնը, որ աստուածներուն կը ծառայէ իբրեւ ցից՝ ձիերը կապելու համար: Վասիւկանական խանդերը կը հաւատան, որ Կենաց ծառերուն վերնամասը կը հպի երկինքին, իսկ արմատները կը հասնին Ադա:
Ըստ սիպերեան թաթարներու հաւատալիքներուն՝ Ադայի մէջ կը գտնուի Կենաց ծառին կրկնօրինակը: Իրլէ խանի պալատին առջեւ կ'աճին 9 եղեւնիներ՝ իրենց արմատներով (ըստ որոշ տարբերակներու 10 եղեւնիներ), որոնց բունին նստած է մեռելներու թագաւորը, ուր նաեւ անոր որդիները կը կապէին իրենց ձիերը:
Կոլտիններուն համար երեք Կենաց ծառ կայ. մէկը՝ երկինքը (մարդոց հոգիները թռչուններու պէս կը նստին անոնց ճիւղերուն, սպասելով երկիր վերադարձին, որպէսզի տեղաւորուին նոր երեխաներու մէջ), երկրորդը՝ երկիրին վրայ է, իսկ երրորդը՝ Ադայի մէջ:
Մոնկոլներուն մօտ նշանաւոր է Շամպու ծառը, որուն արմատները կը հասնին Սումեր լերան հիմքը, իսկ սաղարթը փռուած է անոր գագաթին. աստուածները կ'օգտուին այդ ծառին բարիքներէն, իսկ հրեշտակները լերան ծերպերուն մէջ թաքնուած կը մնան, նախանձով հետեւելով աստուածներուն: Նոյնանման առասպելի կը հանդիպինք նաեւ կալմիկներու եւ պուրյաթներու քով:
Խեթական ծիսական արարողութիւններուն մէջ, մեռնող եւ յարութիւն առնող աստուծոյ՝ Տելեպինուսին առջեւ կանգնած է մշտադալար ծառ մը՝ ուռի մը:
Ըստ էութեան՝ կենաց ծառի խորհրդաբանութիւնը շատ նման է «կեդրոնական լերան» խորհրդաբանութեան հետ: Երբեմն երկու խորհրդանշաններն ալ կը համընկնին, սակայն անոնք հիմնականին մէջ հանդէս կու գան իբրեւ զիրար ամբողջացնողներ: Երկուքն ալ կը հանդիսանան Տիեզերքի անիւին (համաշխարհային սիւնի եւ այլն) առասպելաբանական բաղադրիչները:
Հնագոյն որոշ աւանդութիւներու մէջ Կենաց ծառը պատկերացուած է իբրեւ կանացի սկիզբ, որուն հետ կապուած են այն անասունները, որոնք կը համընկնին ծառին միջնամասին հետ եւ կը համարուին սերնդագործութեան միջոցներ (խեթական մէկ գրութեան մէջ կ'ըսուի, որ ծառին հետ «պառկած են» առիւծը, ընձառիւծը, իսկ արջը անոնց վրայ ցատկած է): Կենաց ծառին հետ սերտօրէն կապուած են այն գրութիւնները, որոնց մէջ յիշատակուած են.
- Աստուածուհիներ, որոնք կեանք կու տան,
- Կենաց հեղուկը կամ կերակուրը՝ աստուածուհիին կեանքի կաթը, որ տղամարդուն կեանք կու տայ,
- Սրբազան ամուսնութիւններու բազմաթիւ տեսակներ:
Գերագոյն աստուածուհիներու եւ Կենաց ծառին միջեւ զուգահեռներ եղած են նաեւ Եգիպտոսի մէջ։ Եգիպտոսի մէջ բարձրաքանդակ պատկեր մըն է Խաստորին՝ Կենաց ծառը, որ ուտելիք եւ խմելիք կը հայթայթէ մահացած հոգիներուն, կ'ապահովէ նաեւ կեանքի յարատեւութիւնը: Այսպիսով, կենաց ծառը կը համարուի բոլոր հիասքանչ ծառերու նախատիպը, որ կը վերակենդանացնէ մահացածները, կը բուժէ հիւանդները եւ կը վերադարձնէ երիտասարդութիւնը: Այսպէս, օրինակ՝ Օշադի լերան վրայ կան չորս հիասքանչ բոյսեր, անոնցմէ մէկը անգին ծառ է, որ յարութիւն կու տայ մահացածներուն, միւսը՝ վէրքերէն կը հեռացնէ նիզակները, ուրիշ մըն ալ կը բուժէ վէրքերը: Մրիտա սամջիուանի բոյսը, որ յարութիւն կու տայ մեռելներուն, ամէնէն արժէքաւորն է: Սակայն կայ նաեւ «Մեծ բոյս»ը՝ սամդխանին, որ ունի մահացած մարմինի մասերը միացնելու յատկութիւն:
Չինական առասպելները կը պատմեն կղզիի մը մասին, ուրկէ ագռաւները խոտ մը կը բերեն, որ իրենց երեք օր առաջ մահացած ռազմիկները վերստին կեանքի կը կոչէ: Միեւնոյն հաւատալիքը գոյութիւն ունի նաեւ Իրանի մէջ։ Մահացածներուն կեանքը փրկող խոտը կը գտնուի գրեթէ բոլոր եւրոպական առասպելներուն մէջ, եւ յայտնի է հռոմէական աղբիւրներէ: Ըստ առասպելին, երբ Սողոմոն թագաւոր կը խնդրէ թագուհիէն իրեն անմահութիւն տալ, թագուհին անոր կը պատմէ բոյսի մը մասին, որ կարելի է գտնել ժայռերու ծերպերուն մէջ։ Սողոմոն կը հանդիպի «զառամեալ ծերունիի մը, որուն ձեռքն էր այդ բոյսը, եւ վերջինս զայն հնազանդօրէն կու տայ Սողոմոնին»: Հետաքրքրական է նաեւ այն, որ մինչեւ այն ատեն, որ բոյսը կը գտնուէր ծերունիին ձեռքը, ան չէր մահանար: Այդ բոյսը միայն անմահութիւն կու տար, ոչ թէ երիտասարդութիւն: